2015-05-16 08:59:00

''Եկեղեցի առանց Սահմանի''` Ժողովուրդներու ԻԴ Տօնախմբութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ կիրակի 17 Մայիսին, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի տարածքին տեղի կ՛ունենայ Ժողովուրդներու ԻԴ Տօնախմբութիւնը որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Եկեղեցի առանց Սահմանի''։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սքալապրինեան միաբանութեան  միսիոնարներու, Հռոմի թեմի գաղթականներու հովուական խնամակալութեան գրասենեակի եւ թեմական Քարիթասի կողմէ համագործակցութեամբ Հռոմի մէջ ապրող օտար հասարակութիւններու եւ Հռոմի քաղաքական իշխանութիւններու։

Ժամը 12-ին նախատեսուած է Սուրբ պատարագ Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքաին մէջ նախագահութեամբ Կարդինալ Ֆրանչէսքօ Մոնթենեկրոյի` Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի գաղթականներու ի սպաս խորհուրդի նախագահ եւ նախագահ Միկրանթէս Հիմնարկի։

Ձեռնարկը կ՛ուզէ յատկանշել գաղթականներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Հռոմի թեմէն ներս, եկեղեցական եւ ընկերային գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.